Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ERVAB-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԺՈՂՈՎԸ

Дата публикации: 16-09-2026 09:09:00

Թրքահայ վագըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբը վերջին օրերուն գումարեց իր հերթական ժողովը: Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նիստը, որու մասնակցեցան…

Основное содержимое страницы с новостью.

Թրքահայ վագըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբը վերջին օրերուն գումարեց իր հերթական ժողովը: Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նիստը, որու մասնակցեցան ԹՎՄ-ի հովանոցին ներքեւ համախմբուած դպրոցներու հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ անոնց մատակարար մարմիններու կրթութեան գծով անդամները: Ժողովի սկիզբին օրակարգի վրայ եկան թրքահայ դպրոցներէ ներս հիւր աշակերտի կարգավիճակով տղոց կացութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները: Ծանօթ է, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներուն, որոնք պոլսահայ վարժարանները կը յաճախեն՝ որպէս հիւր: Համայնքային վարիչները խոշորացոյցի տակ առին՝ Թուրքիոյ մէջ կեցութեան իրաւունքի տէր ընտանիքներու զաւակներուն կրթութեան խնդիրները: Նոր արձանագրութիւններու ներկայ շրջանին, անոնք արժեւորեցին այժմու կանոնադրութեան ծալքերը: 

Ժողովի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ 2026-2027 կրթական շըր-ջանին համար պոլսահայ վարժարաններ արձանագրուած աշակերտներու թիւը: Համայնքային վարիչները թէեւ նկատի ունեցան, որ արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին, սակայն, անոնք այժմու տուեալներու լոյսին տակ ըրին այն կանխատեսումը, թէ այս կրթական շրջանին համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն թիւը կը հասնի շուրջ 2600-ի: Սա կը նշանակէ, որ անցեալ կրթական շրջանին բաղդատմամբ պոլսահայ աշակետրութեան թիւը նուազած է յիսունի չափ: 

Ժողովականները նկատի առին նաեւ Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ ձեռնարկուած նոր կրթական ծրագրի հաստատման աշխատանքի ընթացքը: Ծանօթ է, որ նախարարութեան «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մոտել» ծրագրի հիման վրայ կը տարուի խնդրոյ առարկայ աշխատանքը: Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասերու ծրագրի պատրաստութեան գործընթացին կապակցութեամբ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ համայնքային վարիչներուն կողմէ: Նոյն ծիրէն ներս պատրաստուած է նաեւ կրօնագիտութեան առարկայի ծրագիրը, որու պարագային դասաւանդման համար անհրաժեշտ իրերու պատրաստութեան շուրջ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026

https://www.jamanak.com/content/3/16-09-2026/46440

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ08.5716-09-2026
2ԷՐՎԱՊ-Ի ԴՌՆԲԱՑ ԺՈՂՈՎԸ – ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ016.0625-08-2026
3ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ013.1314-08-2026
4ԷՐՎԱՊի ժողովի լոյսին տակ – 509.7201-09-2026
5ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ ԻՐ 97ԱՄԵԱԿՆ ՈՒ ՉԱՐԽԱՓԱՆԻ ՕԾՄԱՆ 40ԱՄԵԱԿԸ06.1416-09-2026
6ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ «ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ»08.3619-09-2026
7Gürcistan Patrikhanesi’nden tuhaf çıkış: Azerbaycan’a ‘kilise’ tepkisi09.3825-09-2026
8Li Diyarbekirê 10emîn Fuara Pirtûkan hat vekirin05.6327-09-2026
9Halil Şirğolami: “Ermenistan ile Türkiye normalleşme sürecinde olumlu rol oynayabiliriz”012.8618-09-2026
10Serokê Meclisê Kurtulmuş: "(Tirkiyeya Bêteror) Gava Meclis vebe wê komîsyona şopandinê bê avakirin"04.8725-09-2026

Классификация: Культура. Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 10. Тональность: 0. Информативность: 8.67. Источник: hyetert.org.